2012-11-10 11:24:53

ֆրանսական Կաթողիկէ Ընտանեկան Ընկերակցութիւններու Այցելութիւնը Վատիկան`


Վկայել ֆրանսայի ընտանիքներու կեանքը։
ֆրանսական կաթողիկէ ընտանեկան ընկերակցութիւններու պատասխանատուները մամուլին հետ իրենց ունեցած ելոյթով մատնանշած են որ Հռոմ կը գտնուին վերահաստատելու իերնց յանձնառումը յաչս ընտանիքներու եւ ընկերութեան հետ երկխօսութիւն հաստատելու ։ <<Հռոմ կը գտնուինք ոչ թէ ուղղութիւններ առնելու այլ վկայութիւն տալու ֆրանսայի ընտանիքներու կեանքին մասին։ >> հաստատած են անոնք։
Հռոմ` իրենց կեցութեան ընթացքին անոնք հանդիպումներ ունեցան կարդինալ Ռիլքոյի հետ` աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, գերապայծառ Մելինայի հետ ամուսնութեան ու ընտանիքի` Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի նուիրուած հաստատութեան նախագահ, կեանքի քահանայապետական կաճառի նախագահին ու Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ֆրանսայի դեսպանին հետ։
Նշենք որ ֆրանսական կաթողիկէ ընտանեկան ընկերակցութիւններու միութիւնը կը համախմբէ աւելի քան 30 հազար ընտանիքներ։ Անոր նպատակն է ընկերութեան մէջ ներգործել ընտանիքի ի սպաս, արժէքաւորելով ընտանիքը ու ընդառաջելով անոր պահանջներուն ինչպէս նաեւ անոնց ձայնը լսելի դարձնելով տնտեսական, ընկերային, քաղաքական աշխարհին մէջ ու նաեւ հանրային կարծիքին մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.